2016-01-17 12:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գործունէութիւնը` Մարեմեան աղօթք եւ Հրեաներու Տաճարի այցելութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 17 Յունուար 2016-ին կը նշուի գաղթականներու եւ ապաստանեալներու համաշխարհային 102-րդ օրը։  Ֆրանչիսկոս Պապ կէսօրին ` իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը սուրբ Պետրոսի հրապարակը, հակառակ ցուրտին, համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ որոնց շարքին նաեւ 5000 գաղթականներ, որոնք Հռոմ ժամանած են տօնախմբելու իրենց ''Ողորմութեան Յոբելեանը''։

Յետմիջօրէի ժամը 4-ին Ֆրանչիսկոս Պապ` ընդառաջելով Հռոմի հրեայ հասարակութեան աւագ Ռաբբունապետի հրաւէրին` այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի Հրեաներու աւագ տաճարին, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի տաճար կատարած պատմական այցելութենէն 30 տարիներ ետք (13 ապրիլ 1986) եւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի այցելութենէն 6 տարիներ ետք (17 Յունուար 2010-ին)։

Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ հանդիպում կ՛ունենայ հրէական աշխարհի ներկայացուցիչներուն եւ հրեայ հասարակութեան անդամներուն հետ։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն (գլ 2, 1-11) ուր կը խօսուի Կանայի հարսանիքի մասին­, որուն իրենց մասնակցութիւնը  բերին Յիսուս ու իր մայրը` Մարիամ, դիտել տուաւ թէ հարսանիքի ընթացքին, Յիսուս, ընդառաջելով իր Մօր խնդրանքին կ՛իրագործէ իր առաքելութեան առաջին հրաշքը։

Հրաշքները, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը արտակարգ նշաններ են  որոնք կ՛ընկերանան Բարի Աւետիսին եւ նպատակ ունին զօրացնելու եւ ամրապնդելու հաւատքը Յիսուսի մէջ։

Կանայի հարսանիքի հրաշքը, ըսաւ Սրբազան Հայրը չի հայիր միայն պսակուած զոյգին։ Ամէն անհատ կանչուած է հանդիպելու Տիրոջ որպէս փեսայ։

Քրիստոնէական հաւատքը շնորհք մըն է որ կ՛ընդունինք սուրբ մկրտութեան խորհուրդով եւ որ մեզի առիթ կու տայ հանդիպելու Աստուծոյ։

Կանայի դէպքը մեզի ցոյց կու տայ թէ Յիսուս չէ եկած որպէս դատաւոր որ կ՛ուզէ դատապարտել մեր յանցանքները եւ ոչ ալ որպէս հրամանատար որուն հրամաններուն հարկաւոր է հպատակիլ կոյր օրէն. Ան մարդկութեան կը ներկայանայ որպէս Փեսայ` որ կը համապատասխանէ ամէն մէկուն սրտին մէջ գտնուող ուրախութեան խոստումներուն։ Առ այդ հարց տանք. մենք իսկապէս կը ճանչնա՞նք Տէրը։ Զայն կը նկատե՞նք որպէս փեսայ մեր կեանքին մէջ։ Կը համապատասխանե՞նք անոր սիրոյն։ Հսկայական Թակոյքները զոր Յիսուս լեցնել կու տայ ջուրով կը ներկայացնեն անցքը հին ու նոր դաշինքին։ ''Ջուրին տեղ մենք ընդունեցանք Յիսուսի արիւնը որ մեզի համար հեղուց Խաչին վրայ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հայցեց  Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի օգնէ վերագտնելու հաւատքի գեղեցկութիւն եւ Սուրբ հաղորդութեան ու միւս խորհուրդներու հարստութիւնը որոնք Աստուծոյ հաւատարիմ սէրը միշտ աւելի ներկայ կը դարձնեն այնպէս որ աւելիով սիրահարուինք Տիրոջ` Յիսուսին, մեր փեսային, ու Անոր ընդառաջ երթանք մեր ուրախ հաւատքի վարուած կանթեղներով` դառնալու համար Աշխարհի վկաներ։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Նորին Սրբութիւնը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկ ողջոյն ուղղեց այնտեղ համախմբուած գաղթականներուն ապա ներկաներէն խնդրեց միասնաբար աղօթել Ինտոնեզիայի եւ Պուրքինա Ֆազոյի մէջ իրագործուած ահաբեկչական արարքներու զոհերուն որպէսզի Տէրը զանոնք ընկալէ իր տան մէջ եւ թիկունք կանգնի միջազգային հասարակութեան խաղաղութեան կառուցման ի սպաս թափած ջանքերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.